Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց
Чтение книги онлайн.
Читать онлайн книгу Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց страница
Աշնան շամանդաղը եւ մուխը միատեղ իջան երկրիս վրայ, երբ մեր խումբին գլխաւորը, որ հիսնամեայ, մեծագլուխ, ցլապարանոց մարդ մ՚էր եւ որ երիտասարդին աջ կողմեն կը ձիավարէր, դարձաւ պատանուոյն եւ հաստ, բայց կամաց ձայնով ըսաւ.
– Ահա Վարդանայ բերդ, լոյսերը կ'երեւանք իշխան, քառորդ մը միայն ճանապարհ ունինք: Կ'երեւի թէ շատ յոգնեցար:
– Յոգնութիւնը հոգ չէ՛, Զաւէն, – պատասխանեց երիտասարդը, – մայրս վախեմ մտատանջութեան մէջ է հիմա:
Դարձեալ լռութիւն յաջորդեց, միայն ձիերու սմբակներու ձայնը կը լսուէր. ձիաւոր մը փոթորկելով գնաց աներեւութացաւ, եւ խումբը փոքրիկ լիճի մը քովեն պտոյտ ընելով եւ ժայռն ի վեր բարձրանալով մեծ դռան մը առջեւ կանգնեցաւ. ձիերը սկսան խխնջել եւ գետինը ծեծէի դռները ճռնչեցին բացուեցան, Վարդանաբերդի գաւիթը ջահերով լուսաւորուեցաւ վայրկենին, պատանին հազիւ թէ իջաւ ձիեն` երիտասարդ սեւազգեստ կին մը տեսնուեցաւ, որ դահլիճին սանդուխին գլուխը կեցուած իրեն կը նայէր: Ի՞նչ կար նորա անբացատրելի նայուածքին մէջ: Այսչափ միայն կարելի է զրուցել, որ զգայուն մօր մը բոլոր սէրը, յոյսը այդ նայուածքին մէջ էր, թէպէտ ամսուան մը հեռաւորութիւն միայն բաժնէր էր այս մայրը զաւկեն: Մայր, որդի իրար դիմեցին, համբոյր, գրկախառնութիւն, «որդեակ», «մայր», «սիրելի», «սիրեցեալ», քանի մը կաթիլ արտասուք զուարթ երեսներու վրայ, եւ ահա այդ քնքուշ երիտասարդ մայրը իր զաւկին ձեռքեն առած` իբրեւ թէ յափշտակելով, մտաւ ներս, անցաւ դահլիճը, տարաւ իր սենեակը, նստաւ եւ նստեցուց քովը, հարցմունքներ իրարու կը յաջորդէին, հազիւ թէ կիսակատար պատասխաններու տեղիք կար. հոն ամէն բանի վրայ կը խօսուէր. ճանապարհին վրայ` թէ վտանգ կա՞ր, թէ Ռշտունեաց Տիկինն ինչպէ՞ս էր, թէ Ոստանին հաւնէ՞ր էր որդին, թէ Վանայ ծովը եւ Վարդանաբերդի լիճը ի՞նչ տարբերութիւն ունէին իրարմէ. վերջապէս յայտնի էր թէ մայր մը կար դորովասիրտ եւ որդի մը, որ իւր մայրը կը պաշտէր: Բայց յանկարծ այս մայրը իբր խոր քունէ արթնացաւ, թողուց զաւկին ձեռքը.
– Սակայն դու, որդեակ Գրիգոր, որ այս ժամուս կը հասնիս, անշուշտ անօթի ես. ձայն չես հանէր, եւ ես` վա՛յ ինձ, որ քեզմով միայն համրացեալ` բոլորովին մոռցայ հարցնել… Աղջկո՜ւնք, – կ'ըսէր նաժիշտներոմէ, – շուտ կերակուր հրամայեցեք…
– Իրաւ, սիրելի մայրիկ, ութ թերեւս աւելի ժամ կայ, որ ոչ հաց եւ ոչ ջուր մտած է բերանս, բայց որ քեզ տեսայ մոռցայ անօթութիւն եւ յոգնածութիւն:
– Ո՜հ, – կ'ըսէր մայրը դարձեալ տեսնելով տղուն փոշին եւ քրտինքը, – շուտ ջուր բերէք, զգեստ բերեք…
Եւ երբ կոնքը աղախին մը գուճս բռնած` ուրիշ մը ջուր կը լցնէր, ինք Տիկին մայրը ձիւնի պէս թեւերը սոթտած փոքրիկ բօթիկ ձեռքերով իր զաւակին գլուխը կը լուանար. ծայրերը ոսկեթել բանուած ղենջակով մը սրբեց մազերը, որդուոյն սիրուն գլուխը իւր ձեռքերուն մէջ` համբոյր մը դրաւ ճակատին, եւ նա մայրենի ձեռքը համբուրեց գգուանօք եւ շնորհակալ սրտիւ:
Երիտասարդը կ'ընթրէր եւ մօր հարցմունքներուն կը պատասխանէր միանգամայն:
– Ռշտունեաց Ոստանը չի բաղդատուի մեր պզտիկ դղեակին եւ լճին հետ, բայց եթէ հոն մեծութիւն, ընդարձակութիւն կը տիրէ, հոս վայելչութիւն մը կայ, որ կը գրաւի, հոն եթէ Սէթայ տիկին ընդարձակ գաւառի մը իշխանուհի կը հրամայէ, կը սաստէ, կը պատժէ, կը փււխէ, միշտ զբաղուած հազիւ թէ կանոնաւոր ժամանակ ունենալով ճաշելու եւ ընթրելու, հոս, Բիւրեղ տիկին լռիկմնջիկ նոյն գործքերն աւելի սահմանափակ գաւառի մը մէջ կը կատարէ եւ մայրաբար:
– Դու, որդեակ, լաւ ըսիր թէ հոն ընդարձակ գաւառ մը կայ կառավարելու, եւ ես կը խոստովանիմ թէ Սէթայի ըրածը կարող չե՛մ ընել: Երբ մենք պզտի եւ տարեկից էինք` նա արդէն իր հասակաւ, իր համարձակութեամբ, գործունէութեամբ, եռանդուն բնաւորութեամբ մեծին եւ փոքրին վրայ տեսակ մը իշխանութիւն կը վարէր իւր հայրենի տան մէջ. առանց Սէթայի խորհուրդ հարցնելու բան մը չէ՛ր կատարուէր տան մէջ, իսկ ես, որ իր փոքր քոյրը կը կարծուէի` կը զարմանայի այդ Ամատունեաց Օրիորդին վրայ, որ շատ անգամ առնացի ծպտեալ եղբայրներուն հետ որսի կ'երթար, ժայռերու, ափափայներու վրայ կը ձիավարէր յանդուգն քան զամեն երիտասարդը, եւ որ զարմանալին է` այսպիսի որսի արշաւանքի մը մէջ Թէոդորոս իրեն հանդիպելով եւ առանց սեռը իմանալու` այդ պատանուոյն հետ սիրով կապուէր էր. ուստի օր մը յանկարծ Ամատունեաց դղեակն երթալով եւ իւր եղբարց հետ տեսութենէ վերջ Սիսակը հարցնելու ելեր էր: Եղբարքը շփոթած էին պատասխանի համար, երբ Սիսակ դարձեալ երեւցեր էր Ռշտունեաց իշխանազունին ծանր եւ լուրջ, եւ ամէն նիւթի վրայ ցոյց տուած էր իր սրամտութիւնը: Թէոդորոս, որ 15 – 16 տարու տղու մը հետ տեսութիւն ընել կը կարծէր` յափշտակուած էր դեռաբոյս հանճարեն, բայց վերջն իմանալով թէ Ամատունեաց Օրիորդն է այդ Սիսակը եւ լաւ գիտնալով իւր հօր` Վահրամ Ռշտունուոյն, խստութիւնը հայրենական աւանդութեանց պահպանութեան մասին, գաղտնի խնդրէր էր Սէթայէ, որ այդ համարձակութիւնքը չափաւոր է, եւ քիչ վերջը ծնողաց հաւանութեամբ ամուսնութիւնը կատարուեցաւ: Ուստի մի՛ զարմանար եւ մի բաղդատէր մեր հակառակ բնաւորութիւնները, ինչպէս քու հայրդ, աստուած լուսաւորէ հոգին, խաղաղասէր, հանդարտ, անկարելի էր բաղդատել Թէոդորոսի բուռն եւ խիստ բնաւորութեան հետ:
– Բայց դարձեալ ուսկի՞ց է, որ Ռշտունեաց ընդարձակ գաւառը եթէ գոհ է իւր Տիկնոջ կառավարութենեն, մեր Կ'ոգովտի գաւառը աւելի գոհ ու երջանիկ է իւր տիրուհուոյն կառավարութենեն:
– Այս