Գրիգորի վյրայ սէրն էլ օրաւուր կը մեծնար: Գրիգոր հանդարտ եւ խելօք էր բնաւորութեամբ, իւր հօրը` Դաւիթ Մամիկոնէի պէս, որ տկար եւ հիւանդոտ լինելով չունէր հայ նախարարաց այդ ընդհանուր եղած զուարճութեանց, որսի, պատերազմի, մականախաղի, պերճութեան եւ անառակութեան սէրը, այլ ընհակառակն իւր մտաւոր կարողութիւնքը մշակելով` ուսմանց եւ գիտութեանց սէր ունէր: Նա նոյնը իւր զաւկին հաղորդէր էր: Վարդանաբերդ հայերէն եւ յունարէն գրոց հարուստ մատենադարան մը ունէր, եւ Մամիկոնեան իշխանին միմիայն ուրախութիւնն էր եւ մխիթարութիւն տեսնել իւր Գրիգոր վարժ եւ յաջողամիտ. ժամանակին գիտութեանց մէջ տարիքեն յառաջադէմ: Իւր պալատը միշտ լեցուն էր գիտնական վարդապետներով եւ աշխարհահած ճամփորդներով. եւ Գրիգոր ուշի-ուշով մտիկ կ'ընէր ամէն խօսակցութիւն, որ նոր էին իրեն համար եւ միտքը կը զօրացնէին: Թէպէտ ծնողքը գոհ էին իրենց զաւկին մտաւոր զարգացմանեն, բայց նոյնը կարելի չէր զրուցել Սուրէնի համար, որ երբ Դաւիթ հոն չէր, կը մտնէր Գրիգորի սենեակը եւ յափշտակելով գրքերն առջեւեն, «Մամիկոնեան պատանուոյ մը համար շատ է եւ բաւական ինչ որ գիտես, քիչ մ՚էլ ուրիշ մարզերու նայինք» ըսելով` սուսերամարտութեան, նիզակախաղութեան եւ ձիամարզութեան կրկնութիւններ ու կը զբաղեցնէր, առանց ուշ դնելու իւր քրոջ դիտողութեանց. շատ անգամ որսի տանելով հետը լեռներ, սարեր, ձորեր հետի կը քալցնէր, եւ երեկոյին, երբ Գրիգոր յոգնած, դադրած, տուն կը դառնար գրեթէ անկարող շարժուելու, ինք Սուրէն առաջինն էր նրա ծնողաց ըսելու թէ «Ահա այսպէս Վարդաններ եւ Վահաններ կը զարգանան եւ կը հասնին, եւ ոչ գրքերու առաջ ժամեր անցնելով»: Իսկ Դաւիթ, որ կը տեսնէր թէ տղան օրաւուր կը զօրանար այդ մարմնամարզութենեն ժպտելով կ'ըսէր. Սուրէն եւ ես առանձին կատարեալ մարդ չենք, ես կարող միտք միայն եմ, նա կարող մարմին միայն է. աստուած տա, որ Գրիգոր երկուքն էլ ունենա:
Սուրէն զօրաւոր կազմուածքի տէր եւ անխռով միտք, վասնզի ներկան` օրը եւ ժամը միայն կը մտածէր սովորաբար, որ ոչ Թէոդորոսի պէս ազգին չափազանց սիրահարն էր, եւ ոչ Գրիգորի պէս Ռշտունեաց Օրիորդին, անկողին եւ քուն մտաւ միանգամայն, եւ երբ արշալոյսին հետ արթնացաւ, դիմեց դահլիճը, տեսաւ, որ Թէոդորոս արդէն չի կար: Սպասաւոր մը թուղթ մը տուաւ իրեն, որ չի լուսացած` սուրհանդակ մը բերած էր Թէոդորոսի, եւ որովհետեւ հրաման էր ո՛ր ժամանակ լինէր ամէն լուր իրեն հաղորդել րոպէին, թիկնապահքը մտէր էին սենեակը եւ աւէր էին թուղթը. Թէոդորոս շուտ մը սպառազինեալ հեծէր էր երթալու եւ Սուրէնի սպասաւորաց մէկուն տալով իր ընդունած թուղթը, մեկնէր էր: Սուրէն կարդաց այդ համառօտ նամակր. – Ատոմ Շահունի առ Թէոդորոս Ռշտունի. «Գիտութիւն լիցի, Հայոց զօրավար, որ յունաց բանակը կը մտնէ մէկ կողմէ, իսկ արաբր երկու զունդ բաժնուած, մէկը Երասխ անցէր է ի Նախջուան, միւս Արտազ մտէր է»:
Վայրկեան մը մտածեց Սուրէն եւ գնաց զգեստները հագաւ, երբ Գրիգորի ուղղուեցաւ` տեսաւ քոյրը, որ զինքը դիմաւորեց, եւ քաղցր ժպտով երկու ձեռները տարածելով` թող չի տալով, որ առաջ անցնի`
– Ո՛չ, – ըսաւ, – Գրիգորը թող որ հանգչի:
– Բայց դու չես գիտէր, որ Թէոդորոս գնացեր է արդէն:
– Ինչպէ՜ս չեմ գիտէր, ես տեսայ նորա երթալը. բայց իմ զաւակս Հայոց զօրավար չէ, պէտք է որ հանգչի` քուն լինի եւ այս տարիքին մէջ զօրանայ:
– Ահա՜ կանանց ամենեն լաւը՛, – գոչեց Սուրէն. – եթէ ձեզի թողուի տղան ճգնաւոր, վարդապետ, շատ-շատ թուլամորթ կաթողիկոս մը պիտի րնէիք… Գիտե՞ս ի՜նչ ժամանակի մէջ ենք, գիտե՞ս թէ վաղր