Թորոս Լեւոնի. Ծերենց
Чтение книги онлайн.
Читать онлайн книгу Թորոս Լեւոնի - Ծերենց страница
Ժողովուրդը` ինչպէս բոլոր մեծ քաղաքներու մէջ` ամէն վիճակի մարզիկներով լեցուն, ամէն տեսակ կերպարանքներու եւ հագուստներու զանազանութիւն կ'ընծայէր աչաց. իսկ այն պալատին եւ կրկիսուն շրջակայքը, իշխանաւորաց գահաւորակները, ասպետաք ձեւերուն խրոխտութիւնը, զինուորաց արհամարհոտ գոռոզութիւնը, հասարակ ժողովրդեան զբաղման երթեւեկը դիտող աչքերու զբօսանք մ՚էր: Բայց այս ժողովրդեան բարոյական եւ ներքին վիճակը արտաքին տեսքին տարբեր կերպով կը պատասխանէր. մէկ մասը քաղքին աղտոտ, զազիր, մշտնջենաւոր մութի դատապարտեալ, վասնզի հարուստները` տուներով կը նտղցնէին ճամփաները եւ աղքատներուն խաւար եւ աղտեղութիւն կը թողուին: Նեղ ճամփաներուն մէջ գողերն ու մարդասպանք կը վխտային, եւ ամէն չարագործութիւն կը դիւրանար խաւարին մէջ: Արդարութիւն չի կար ամենեւին եւ ոչ ամօթ, վասնզի անզգամութիւնը օրէնքն երէ չէր պատժուէր եւ ոչ ալ հեղինակը կը նշմարուէր:
Այս վիճակին մէջ անշարժ բան մը թէ կար, որ փոփոխութիւն չէ կրած տարիներէ ի վեր, ծովն էր օձապտոյտ շրջաններով, որ Վոսփորէ ի վար, նոյնպէս անփոփոխ կը տարածուէր իր փայլփլուն եւ գեղեցիկ ալիքներով եւ երկինքը իր անջինջ պայծառութեամբ: Եւ աս ծովուն վրայ, ինչպէս այսօր, նաւերը, նաւակները կը վխտային, նաւաստիներուն աղաղակը, խուժանին շարժմունքն ու ժխորը ամէն բան կը կեն դանաըներ, ձայները` փոխանակ թրքերեն լինելու` յունարէն էր, շարժմունքը աւելի եռանդուն էր եւ ասիական ծանրութեան տիպն քիչ ունէր:
Վեցաթի նաւակ մը Իշխանի կղզիներ են կ'իջնէր ան միջոցին, ճղքեւռվ ջուրը ուժգնութեամբ եւ կը մերձենար արքունեաց ծովեզրին, որ դէպի Պրոպոնտոս կը խոնարհէր: Պաղատական պաշտօնեայ մը` նաւուն մէջ ղեկին քով նստած էր, քովը երիտասարդ մը, որ գրեթէ չէր խոսէր, եւ հազիւ միավանկերով քովը շարունակ խօսող պաշտօնատարին երբեմն կը պատասխանէր. ճերմակ բեհեզեայ նիւթ մը գլուխը փաթթած, լայն եւ բարակ մոխրագոյն վերարկու մը վրան, ասուէ բանուած բաճկոն մը հազիւ կ'երեւէր, որ իր անդրաւարտեաց վրայ կ'իջնէի, ոտքերը` կօշիկներ եւ վրան ամենեւին զէնք չի կար. կը նայէր, կը լսէր, կը տեսնէր, բայց իր սուր եւ խոր ու սեւ աչքերն իր երկայն արտեւանունքն երէն ծածեյալ, երբ դիմացինին երեսը կը նայէին, այն ժամանակ միայն պարզութեան եւ միամտութեան քօղ մը կառնուին. եւ իր միտքը բոլորովին հեռու էր:
Կարելի չէր սուր աչքի մը իր կորովի ձեւը չի նկատել, թէպէտ ինք թոյլ եւ անհոգ կերպ մը առնուլ կը ձեւանար. եւ աչքերը, որ մարած էին ընդհանրապէս յանկարծ ի մոռացութեան փայլակնէր կ'արձակէին, իր դեռաբոյս ընչացքն եւ գանգուր մօրուքը մասամբ իր ծնօտը կը ծածկէին, մազերը գլուխը կը պսակէին. եւ այդ զօրաւոր ու շղուտ կազմուածքը հազիւ քսան-քսաներկու տարու զինք կարծել կ'ուտար տեսողաց. միայն երկու հոնից մէջ խորհրդածութեան ուղիղ գիծը կրնար մատնել թէ այս պարզութեան տակ խորին խորհուրդներ կը ծածկուէին:
Նաւակը ծովեզրը գտաւ, եւ պաշտօնատարին զինուորներն ու ծառաները դուրս թափուեցան օգնելու իրենց տիրոջը, որ իշխանական ծանրութեամբ քայուերն կառնուր. իսկ մեր երիտասարդը առանց քերանը բանալու, տարէց գրեթէ հիսնամեայ` մարդու մը ձեռք տուաւ եւ ելաւ, եւ իբրու թէ աչքերը գոց` կը հետեւեր պաշտօնատարին, որ երբեմն ետին դառնալով իրեն աչք մը ձգելով պարտէզներու, ծաղիկներու, արուեստական վտակներու, կամուրջներու եւ արձաններու մէջեն կը շարունակէր իր ճամփան մինչեւ հասան փառաւոր դռան մը առջեւ, ուր շքեղազարդ սպասաւորաց եւ թիկնապահաց խումբ մը կ'իմացնէր ինքնակալին ներկայութիւնը. հոն պաշտօնատարը առաջ անցնելով` նուաստ խոնարհութեամբ ողջունելով գոռոզ երիտասարդ մը, որ անձնապահապետի պաշտօնը ունել կ'երեւար, անոր ցոյց տուաւ պատանին եւ կամաց ձայնով մը` «Ահա ապստամբ հայուն որդին, զօր ըստ բարձր հրամանի բերի», ըսաւ: Երիտասարդ անձնապահապետը, որ կոմսի տիտղոսն ունէր, ամենայն ամբարհաւաճութեամբ «Սպասեցէ՛ք» պատասխանեց եւ գլուխը անդին դարձուց: Իսկ ապստամբին որդին բառի մը, շարժմունքի մը, վատութեան մը, ամբարտաւանութեան մը եւ ոչ փոքրիկ մասնիկը կորսնցուց, իր ծածկեալ աչքերը ամէն բան կը տեսնէին, եւ իր անտարբերութիւնը ամէն բան կը լսէր: Եւ որ զարմանալին է, այդ ամբարհաւաճ արհամարհանաց, այդ երիտասարդին յունական աիտղոսին ներքեւ հայ մը նշմարելով նաեւ` անդրդուելի կերպարանքը հաստատ պահեց: Վասնզի սրտին անթափանց խորերուն մէջ իւր արհամարհանքը կայսերական պալատին գմբէթն երէն ալ աւելի բարձր էին. վասնզի արդէն որոշած էր իր նշանավճիռը` – Համբերութիւն անխռով: Ուստի նոյնպէս մարած աչքերու քօղով կը դիտէր այդ թիկնապահաց զինուորական խումբը, որ 3500 հոգի էին ի հայոց մեծաւ մասամբ կազմեալ` ոսկի եւ արծաթ զէնքերով պերճացեալ: Ամէն վայրկեան շարունակ կը հասնէին երեւելիք, յարգապատիւք, ամենապայծառք