Թորոս Լեւոնի. Ծերենց

Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Թորոս Լեւոնի - Ծերենց страница 5

Автор:
Жанр:
Серия:
Издательство:
Թորոս Լեւոնի - Ծերենց

Скачать книгу

խորհրդածութեանս վրայ էր, երբ Բաբկէն ներս մտաւ: Իսկ Թորոս զինքը առանց խօսեցնելու միւս սենեակ տանելով հարցուց թէ ի՞նչ տեսաւ. եւ ինչպէս կ'երեւակայէր` բարձր պատերէ զատ բան մը չէր կրցած նշմարել: Ուստի առանց ժամանակ անցնելու իջան ընթրեւու, վասնզի արդէն ճաշու ժամանակը անցէր էր, եւ իրենք առաւօտուընէ մինչեւ երեկոյ դեռ բան չէին կրցեր ուտել: Բայց անօթութենեն աւելի հետաքրքիր էր Թորոս իմանալու թէ ի՞նչ էր կերակրոյ պատրաստութիւնը այս անսովոր տան մէջ` ուր դարանակալ ձեռք մը կը նշմարուէր կամ սրտի. կամ կենաց. ուստի իջաւ սեղանատուն եւ երբ ակնարկեց Բաբկէնին նստիլ սեղան իրեն հետ, երբ նա կը քաշուէր, «Բաբկէն հայրիկ, թէ որ պարագաները պահանջէն, ես քեզի կ'իմացնեմ թէ ե՞րբ ինձի սեղանակից պիտի չլինիս, իսկ ուրիշ ժամանակ մեր բանտի սովորութիւնը չենք փոխէր. եւ որոշ գիտցիր թէ ինձ աւելի ախորժելի է հօրս հաւատարմին եւ իմ տղայութեանս խնամածուին հետ անուշ հացն ու պանիրն ուտել` քան թագաւորաց շնորհեալ խորտիկներն օտարներու հետ վայելել», եւ նստան: Կերակուրներն ընտիր եւ համեղ էին առանց շռայլութեան, գինին ազնիւ էր եւ պտուղներն պատուական, Թորոս առանց բառ մը զրուցելու ելաւ սեղանեն, տան սպասաւորը, որ կը ծառայէր, հարցուց ան ատեն թէ` «Ի՞նչ հրաման ունէր երկրորդ օրուան կերակրին համար», իսկ Թորոս պարզութեամբ պատասխանեց. «Այսօրուան կերակուրը ով քեզի պատրաստել հրամայեց` ւանոր կը հարցնես»:

      Եւ ինք քաշուեցաւ վերնայարկը. նախ Բաբկէնի ապսպրելով վարի հիւրի սենեակը անկողին մը տարածել եւ պառկիլ եւ միշտ արթուն քնանալ. «Թէպէտ, հաւել ժպտելով, այդպիսի պատուէր մը աւելորդ էր այնպիսի մարդու մը համար, որ 12 տարեկան սկսած էր հօրեղբօրը եւ հօրը ամէն պատերազմաց գտնուիլ եւ խելամուտ էր թէ թշնամեաց բանակէ մը շրջապատեալ միշտ զգոյշ պէտք էր լինել»: Եւ առանց երկար խորհրդածութեան մտաւ անկողին եւ պառկեցաւ, իբրեւ թէ իր հայրենի Վահկայ բերդին տղայութեան ապահով սենեակը լինէր, եւ քունն թէպէտ քանի մը ժամ ուշացաւ վրայ հասնելու, բայց վերջապէս այնպիսի տարիքի մը մէջ` օրուան զանազան դիպուածներու պատճառած սրտայուզութիւնը յաղթեցին կամքին զօրութեան եւ քնացաւ. երբ արթնցաւ, ինչպէս տղայութեան սովորութիւնն էր, մէկեն ցատկեց անկողնեն եւ բնականաբար աչքը դարձուց խաբուսիկ դռան, որ անշար պատի մը կերպարանք կը պահէր, պատուհանը բացաւ եւ տեսաւ, որ Բաբկէն պարտէզին մէջ անխռով կը շրջաւգայեր. երիտասարդին ակնարկին վրայ վեր ելաւ, եւ առջի նայուածքը` հար եւ նման Թորոսի` խաբուսիկ դռանը եղաւ:

      – Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ իշխանազունն, – ի՜նչ հետաքննին աչք կը նետես այդ պատին վրայ, ի՞նչ տեսար:

      – Հիմա չէ որ տեսայ, – պատասխանեց Բաբկէն, – երէկ տեսայ ես այդ դաւը, բայց վտանգը իմ կարծածիս պէս չելաւ:

      – Ի՞նչ ըսել կ'ուզես:

      – Ան կ'ուզեմ ըսել թէ ես կարծէի, որ այդ դռնեն սուսերաւոր թշնամի մը պիտի ելնէ, իրօք թշնամի մը եղաւ, բայց իմ կարծած տեսակես չէ:

      – Ի՞նչ կ'ըսես, Բաբկէն, բան մը չեմ հասկնար:

      – Դու ինձի ըսիր թէ «արթուն քնացիր», եւ ես արդէն միտքս դրած էի. բայց ի՞նչ օգուտ արթուն քնանալ վարի սենեակը անկողնի մը վրայ տարածեալ, ուստի պէտք էր այնպէս դիրք մ՚առնէի, որ տան մէջի շարժմունքը տեսնէի եւ հայոց միակ յուսոյն վրայ հսկէի. ուստի երբ ամէն ձայն դադրեցաւ քաղքին մէջ` քիչ մ՚ալ անկողին փոխենք,

Скачать книгу