Թորոս Լեւոնի. Ծերենց
Чтение книги онлайн.
Читать онлайн книгу Թորոս Լեւոնի - Ծերենց страница 6
«Բաբկէն, Թորոսեն մի վախեր, նա ինձմէ խելօք` հօրեղբօր պէս է, օր մը մեզ պիտի մոռցնէ, մեզմէ քաջ, մեզմէ լաւ պիտի լինի. դու հոգ մ՚ընէր, կը տեսնես»: Ե՛ս ալ անհոգ կը լինէի, բայց երբ կը տեսնէի Նարեկ բարձիթողի, ու որդնոտած, փոշոտած հոռմի գրքերը գաղտուկ կը բերէիր ու գիշերն ի լուռ կը կարդայիր` «Աստուած պահէ մեր իշխանիկը» կ'ըսէի: Հիմա տեսայ այդ կինը, իր դեղձան մազերը ոսկեկապ ձգած կը ռնկեն, որ ականջդ ի վար քեզ դիւթել կը ջանար, վախն առաւ զիս, աստուած քեզ պահէ, Լուսաւորիչ քեզ լոյս տա:
– Հոգ մ՚ընէր, Բաբկէն հայրիկ, աստուած կը պահէ. իմ սիրտս քիչ մ՚ապահովցաւ, ինչպէս հոռոմոց գրքերը զիս ապահով ըրին իրենց կրօնքին վտանգեն, իրենց կանայք ալ զմեզ կ'ապահովեն իրենց արանց վտանգեն: Դու շատ լաւ ըրեր ես, այս գիշեր անկողինդ թռչուններէն փոխ առէր ես, ա՛լ ապահով կրնաս գիշերները քնանալ, վասնզի թշնամին քու կարծածիդ չափ զօրաւոր չէ. ո՜յ գիտէ թէ նիզակակից մ՚ալ չէ մեզի:
– Աստուած պահէ հոռմի մը նիզակակցութենեն, – ըսաւ ծերուկն, երեսը խաչակնքելով, – հարցո՛ւ այդ փռանկներուն թէ ի՞նչ վաստակ ըրին ատօնց օգնութենեն, հոռոմը կը խոստանար անուշ-անուշ բարեկամութիւն, պաշար, առատութիւն, միւս կողմէ ձեռքի տակէ խոտերն ու արտերը կ'այրէր, ցորենն ու գարին ջուրը կը թափէր, գեղն ու քաղաք անապատ կ'ընէր, երբ մեր Կիլիկիա հասան քու պապուդ օրը, հայրս կը պատմէր, աստուած լուսաւորէ անոնց հոգին, ձի չէր մնացեր տակերնին, ճամփան ամէնն ալ սատկած էին, մարդիկ ըսես հալումաշ եղած անօթութենէ, հիւնդութենէ, գիտես թէ բարակ ցաւի էին հանդիպէր, մենք կ'ըսէինք, որ ամէնն կը մեռնին, ան քաջ պարոններ ու փռերներն թէ որ մեր հայու հացն չուտէին` Երուսաղէմ չէին մտնէր, բայց նա, որ շատ խելօք մարդ էր, աստուծոյ սիրոյն համար ալ, իր սիրոյն համար ալ, անոնց թագաւորին գնաց, պէտքերնին լցուց. կերան, խմեցին, ութ օր չանցաւ, ամէն մէկը մեյմէկ ցուլ դարձան, ուժովացան, գնացին ամէն տեղ առին, Ս. գերեզմանն ալ ազատեցին, ի՛նչ օգուտ, սա փռանկները ուժով են, քաջ են, լաւ բազուկ ունին, բայց գլուխնին դատարկ է, խելք չունին, սա հոռոմք հակառակն են, ուժ չունին բայց շատ գիտեն, խորը կը տեսնեն, նայէ՛ ատօնց տէրտէրներու աչքին, դժոխքի ճրագ կը նմանի, գիտես թէ սատանան մէջը կը պլպլա: Ես աս գիշերվնէ ի վեր հոռոմ մարդկանցմէ աւելի կնիկներէն կը վախնամ:
– Փուճ տեղ կը յոգնիս, Բաբկէն, – ըսաւ Թորոս լուրջ կերպով, – մենք հիմա քարէ, փայտէ բարեկամ մը չունինք, պէտք է որ պատրաստուինք աս անիծեալ քաղաքեն փախչելու, ծոցերնիս ստակ մը չունինք, որ նաւու մը վարձք կարէնանք ընել, քու ըսածիդ պէս թէ որ խելօք լինինք եւ առիթ մը երբ պատահի անկից օգուտ քաղել չդիանանք, մենք ալ քու փռանկներեղ ավիզի դատարկ գլուխ կը լինինք: Դու նայէ սա քաղաքս, այս օր պտոյտ մը ըրէ. տե՛ս, նայէ՛ հայ մը կը տեսնես թերեւս, ամէն հայու ականջ մի՛ դնէր, հայերէն խօսող ուրացեալ հայ կարելի է շատ գտնես, բայց սրտով հայ շատ քիչ կայ, մանաւանդ տէրտէրներէն զգուշացիր, անոնց լաւը սուրբ է, բայց գէշը սատանայեն ալ վատ է: Երբ իմ վրայ խօսք դառնա, զրուցէ՛ թէ ապուշին մէկն է, զրուցէ թէ միտքը բռնուած տարտամ մարդ մ՚է, հօրը հիւանդութենեն վերջը փոխուեցաւ զրուցէ, ցաւի, ողբա իմ վրաս. իսկ թէ որ մարդ մը հանդիպիս, իրօք ճշմարիտ մարդ մը, քանի մը տեսութենէ վերջ ինձ իմաց տուր անունով, տեղով, անցեալով եւ յետոյ, երբ որ ուզեմ, ինձի կը բերես: Ահա քու ընելիքդ:
– Լաւ,