Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց
Чтение книги онлайн.
Читать онлайн книгу Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց страница 17
Կային ժամանակներ ուր նախարարութեան ձեռքը այն աստիճան կը ծանրանար ժողովրդեան վրայ ոսկուոյ եւ արծաթի հարկապահանջներ դնելով, որ հեղինակ մը նմանցնէ այդ խեղճ շինականը այսինքն ժողովուրդը` «Մարդու, որ կրնկնի ի ծով եւ հնարք չի գտնէր ելնելու» եւ «Հիւանդի, որ ցաւէն տագնապեալ խօսելու նաեւ կարողութիւն չունի»:
Ո՛վ որ լաւ դիտէ եւ ուսնի եւ դիանայ խորհրդածել պատմութիւնը, կը տեսնէ թէ աշխարհագրական դիրքն էր պատճառ ինչպէս ոմանք կարծեցին նոր ժամանակներս, որ հայ ազգը կը տկարացնէր թշնամեաց դէմ` կը բաժնէր եւ անմիաբան կ'ընէր, այլ այդ նախարարական իշխանութիւնը, որ մեծ եւ պզտի բռնաւորյււթեանց բաժնելով երկիրը, կեդրոնական իշխանութիւնը կը տկարացնէր, եւ այդ բռնաւորները գործիք կ'ընէր օտարին բանսարկութեանց եւ միջամտութեանց. ինչպեւս հին ժամանակներէ ի վեր սխալ կարծիք մը կը տիրէ թէ հայք անմիաբան են, իբրեւ թէ անմիաբանութիւնը բնածին պակասութիւն մը լինէր հայուն քով: Եթէ հայք միաբանեցան 300 թուականին, կրցան ընդունիլ միաբանութեամբ քրիստոնէութիւնը, եթէ իրենց օրինակին եւ ազդեցութեան հետեւեցան Վիրք եւ Աղուանք գրեթէ նոյն ժամանակին, եթէ հայ լեզուն կրօնից պէս կրցեր էր անցնիլ այդ սահմաններէն եւ Կուր գետի եզերքներէն մինչեւ Կորդուաց լեռները տարածուիլ, ինչո՞ւ չտեսնենք թէ միմիայն պատճառ` քաղաքագիտութեան պակասութիւնն էր Արշակունի թագաւորաց քով, որ Հայաստան անիշխանութեան կը մատներ: Եթէ Տրդատ նախարարաց դէմ նոյն հանճարն ու զօրութիւնը ի գործ դնէր` ինչ որ դրաւ` պարսիկը եւ կռապաշտութիւնը վարելու համար Հայաստանէ, Արշակունեաց աթոռը իւր մեռած վայրկենեն չէր սասանէր ի հիմանց եւ Խոսրով իւր որդին չէր կարօտէր յունաց ամբարտաւան օգնականութեան իւր հօրն աթոռը բարձրանալու համար: Ի՞նչ կարօտութիւն ունէր Աղկունեաց դաւաճան Նահապետը եւ նախարարութիւնը ջնջելէ վերջ` տեղը նոյն արտօնութեամբդ Մամիկոնեանք հաստատելու: Բայց նախարարութիւնը երբ հանդարտ էր, թադաւորներու համար ծուլութեան դիւրութիւն կ'ուտար երկրի