Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց
Чтение книги онлайн.
Читать онлайн книгу Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց страница 10
– Բարի՛ լոյս, մայրիկ, – ըսաւ իր բնական ձայնով. պատասխան չի կար, եւ որովհետեւ Զաւէն իւր տեսակին մէջ դիտողական փիլիսոփայութենէ զուրկ չէր, եւ դիտէր թէ ընդհանրապէս մարդիկ մանաւանդ կանայք կը սիրեն իրենց տարիքը պզտիկցնել, ուստի ձայնեց.
– Բարի՛ լոյս գա վրադ, քուրիկ:
Դարձեալ պատասխան չի կար. առաջ անցաւ զինուորը եւ երբ ստուերը պառաւին վրայ ինկաւ, նա անխռով գլուխը վեր առաւ եւ չափելով դիմացինը անգամ մը
– Ի՞նչ կ'ուզես, ասպատակեն ի՞նչ լուր կայ, – ըսաւ:
– Աս տղուն համար քիչ մը ուտելիք կ'ուզեմ, քուրիկ:
– Մօ՞տ են թէ կորան գնացին:
Զաւէն իմացաւ թէ խուլ էր կինը, ուստի ականջին մօտեցնելով շրթունքը, «Քիչ մը ուտելիք, ուտելիք սա տղուն համար», գոչեց եւ այնպիսի ձայնով, որ պատերազմի ժամանակ միայն կը գործածէր:
– Իմացայ, իմացայ, ականջս ծանր է, բայց խուլ չեմ… ի՜նչ սիրուն տղեկ ունիս… – ըսաւ պառաւը Արփենին նայելով եւ գնաց:
Արփենի իջաւ Զաւէնի ղրկեն, սկսաւ պտըտիլ, երբ Զաւէն կանգնած կը մտածէր, մենք գիտենք թէ ինչ կը մտածէր, բայց Արփենի, որ ներս դուրս ելաւ մտաւ.
– Զաւէն հայրիկ, այդ կինը չեկաւ, մոռցաւ՞ ուտելիք բերել, – հարցուց, – ես շատ անօթի եմ: – Իսկ Զաւէն երբ չի լսեց, տղան եկաւ եւ սրունքներէն քաշելով` «Զաւէն հայրի՜կ, Զաւէն հայրի՜կ», – կանչեց. երբ տեսաւ թէ չիմանար, սկսաւ շրթունքը թուլացնել եւ պիտի սկսէր լալ, երբ Զաւէն քունէ արթնցածի պէս գրկեց տղեկը.
– Ի՞նչ է, սիրուն Արփենիս, ի՞նչ է, իմ հրեշտակս, մի՛ լար:
– Վախեցայ, որ դու էլ այդ պառաւին պէս պիտի չի լսես:
– Մի՛ վախեր, ես կը լսեմ. երթանք, պառաւը տեսնենք թէ ի՞նչ կընէ, ի՞նչ կը բերէ քեզի:
Երբ ներս պիտի մտնէին` տեսան փայտեայ մաքուր սեղանի մը վրայ սէր, մածուն, պանիր, խաղող, լաւաշ դրած, պառաւը կ'ուգար: Բարեբախտաբար տղաք ազնուապետական զգացմունք չեն բերէր իրենց հետ անդիի աշխարհքեն. Արփենի, որ արծաթեայ սկաւառակներու մէջ սովրած էր ուտել առանց ուշադրութեան այդ հողէ ամաններուն` ախորժակով կ'ուտէր. եւ Զաւէն թէպէտ դաոնաց եալ հոգուով` մեծ մխիթարութիւն կը զգար այդ անմեղ հրեշտակին նայելով, որ իւր աչաց առջեւ նաեւ` չէր տեսեր որբութիւնը: Բայց պառաւը թեւէն դրդելով` զինք կը հրաւփրեր ուտելու. ծեր զինուորը թէպէտ կէս-գիշերվնէ ի վեր շարունակ կը ճանապարհորդէր, բայց ախորժակ չունէր ուտելու. պէտք էր Արփենի զինք կրկին-կրկին հրաւփրեր, որ ուտէ, ուստի քանի մը պատառ առաւ եւ բաժակ մը գինի խմեց:
Շփոթած էր ծեր զիովորը. տղան երբ կշտացաւ մայրիկը կը հարցնէր. իսկ պառաւը` ասպատակեն լուր կը հարցնէր. ուստի կարճ կապելու համար հրաժարական բաբէ մը տուաւ պառաւին, հեծաւ ձին եւ քանի մը ժամուան մէջ հասաւ Կ'աղզուան: Արփենի չիմացաւ այս ճանապարհորդութիւնը, վասնզի մեծ մասը քնացաւ եւ երբ հասան աչքերը բացաւ տեսաւ կանայք եւ աղջիկներ, որ զինք դրկէ գիրկ կը յափշտակէին, մէկը իր