Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց

Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց страница 14

Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց

Скачать книгу

դուք էլ, եղբարք, հան դարտեցուցէք երիտասարդները, որ չելլեն տարիքի կրակով բան մը հանեն. լսեցիք ահա իշխանին խօսքերը եւ պատուերները, դուք էլ ամէն փողոցի զլուխ զինեալ պահապաններ դրէք, որ արգիլեն անկարգութիւն` ուսկից որ գայ. երթա՛ք բարով:

      Մարդիկը գոհ սրտով ողջունեցին եւ ելան գնացին: Նոյնպէս Զաւէն աչն ատեն ելաւ եւ ձեռքը կուրծքին վրայ գնելով, ողջունեց յոյն իշխանը եւ քաշուեցաւ իւր ներքին սենեակը` ուր ընտանիքը ժողովուած կը նստէին. երախայք արդէն քնացած էին: Հոն իր երեք տղոց ապսպրեց, որ կարգաւ գիշերը պահպանութիւն ընեն եւ դիտեն յունաց ամէն շարժմունքը. ինք հեծաւ իւր ձին աւանին ամէն կողմը պտոյտ մ՚ընելեն` թաղապետները տեսնելեն եւ զգոյշ կենալու խորհուրդ տալէ վերջ` դարձաւ տուն հանգչելու համար այն երկար աւուր քաշած մտաւոր ու մարմնաւոր աշխատանքեն:

      Առաւօտեան կոչնակին ձայնին ելաւ Զաւէն երթալու եկեղեցի: Յունաց համար` որ աւազակութիւնը թողած հիւր էին հիմա` նախաճաշ պատրաստեցին կանայք: Մատղաշ տղայք անկասկած իրենց խաղալուն զբաղած էին: Արփենի, որ քսանչորս ժամուան միջոցին մէջ ամէնուն հետ բարեկամ եղած` էր, երբ Զաւէնն տեսաւ եկեղեցիէ դարձած, դիմեց իրեն հարցնելու թէ` «Մայրիկը բերի՞ր», իսկ Զաւէն, որ որոշած էր սիրակայսնելուտղայն Կամսարականաց ամրոցը, «Ես քեզ մայրիկին պիտի տանիմ, սիրուն Արփենիս» ըսաւ, եւ նա այն գաղափարով մխիթարուած` ներս, դուրս, պարտէզը, փողոցը կը շրջագայէր. երբեմն մտնելով սենեակը, ուր յոյն իշխանը եւ Զաւէն նստած էին: Ամէն բան յայտնի կ'ընէր հոռոմին, որ այդ տղայն բացի դիմաց գեղեցկութենեն` թէ իր զարդերուն եւ բեհեզեայ զգեստներուն, թէ իր մորթի ճերմկութեան, թէ ոտքերուն ձեռքերուն մանրութեան, թէ իր համարձակութեան համար տարբերութիւն մը ունէր ուրիշ տեսած տղոցմեն: Ազնուականութեան կնիքը ճակտին վրայ դրոշմուած էր, եւ որ իրեն աւելի հաճելի էր, յունարէն նաեւ եւ կը խոսէր, վասնզի նախարարական տուներ ինչպէս երբեմն պարսկերէն` նոյնպէս յունարէն խօսելու սովորութիւն մտած էր ժամանակներէ ի վեր եւ շատ պալատներու մէջ յոյն ուսուցիչներ եւ դայակներ կը գտնուէին: Զանազան խօսակցութիւններէ իմացաւ նաեւ թէ որբ աղջիկ մ՚է, ուստի անզգամ խորհուրդ մը յղացաւ մտքին մէջ, եւ երբ բոլոր աւանը զբաղած` ամէն ոք կէս աւազակ, կէս զինուոր յունաց վրայ ուշադրութիւն կը դարձնէր, յոյն իշխանը Արփենիի հետ կզբօսնուր, կը խոսէր, կատակներ կ'ընէր եւ յանկարծ երբ մէկ միջոց մը մենակ էր իր երկու սպասաւորաց հետ, տղան պառկեցուցին. բերանը թաշկինակ մը խցկեց` լաւ մի փաթաթեց, որ չի կարէնայ շարժիլ եւ պարկի մը մէջ դնելով` իրեն ուրիշ կարասեաց պէս իւր ծառայից մէկուն շալակը տուաւ եւ ինք ձի հեծնելով արտորնօք, բիւզանդական ծիծաղով Զաւէնն ու կաղզուանցիք ողջունեց եւ Բասեան գաւառի ճամփան ինկաւ: Երբ աւանեն դուրս ելաւ, հինգ-վեց ձիաւոր իւր սպասաւորներէն հետը, քանի մը վայրկեան սաստիկ արշաւանքով հեռացաւ իւր փախստական գունդեն. ան ատեն հանեցին խեղճ տղեկը իւր սոսկալի պարկեն, տեսան, որ մօտ էր խեղդուելու, հանեցին բերնի խցիկը, եւ թէպէտ մարած եւ ինքզինքեն ելած` բայց իշխանը առաւ նժոյգին վրայ, կը քշէր կատաղութեամբ, երբ գիւղ կը հասնէր` իւր լայն վերարկուին տակ ծածկած խեղճ որբը կ'անցնէր արագութեամբ, որպէսզի այս սոսկալի գողութեան հետք մը չի ձգէ: Վերջապէս ամայի տեղ մը ջուրի մը քով իջաւ ձիեն, տղուն քիչ մը ջուր տուաւ խմելու, արիւնոտ բերանը լուաց. գոյն չէր մնացել սիրուն տղեկին երեսը, աչքերը մարած էին բոլորովին, գլուխը չէր կրնար բռնել. հարցուց թէ բան

Скачать книгу