Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց

Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց страница 16

Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց

Скачать книгу

մարդ կը փնտրէ ոք եւ դժուար թէ առանց աններելի պակասութեանց մէկը կարէնայ գտնել: Ամենեն հռչակաւորն Յուստինիանոս` օրէնսդիր, մեծագործ, յաղթող շնորհիւդ երկու քաջ զօրավարաց, ամենախոնարհ ծառայ է իւր կնոջ Թէոդորայի, որուն ամէն քմահաճույից եւ անիրաւութեանց գործիք կը դառնա ամէն րոպէ: Դիւցազնական քաջութիւնը նաեւ կերպարանափոխ եղած կը զարմացնէ զմարդ, երբ կը տեսնէ Բելիսար սարսափ թշնամեաց բանակներու, նեցուկ պետութեան յաղթութեամբ դարձած դափնիներով, իւր տան եւ կնոջ խայտառակութիւնքը պատմել խորհելու վայրկենին, կայսրուհուոյն մէկ նամակեն սոսկացեալ` իւր մեղաւոր կնոջ առջեւ տարածեալ ոտքերը կը պագնէ, մշտնջենաւոր եւ հաւատարիմ ծառայ զինք կը դաւանի. եւ «կնոջը եւ կայսեր ամենախոնարհ ծառան ասպարիզին վրայ վեհ դիւցազուն կը դառնա», թագաւորութեանց կը տիրէ, եւ նուիրեալ արքայական պսակը կը մերժէ, եւ յաղթանակի հանդիսին կը տեսնուի հետեւակ իր գերի բռնած թագաւորներոմէ առջեւեն` երկրպագելով Թէոդորայի եւ Յուստինիանոսի գահույից:

      Վերջը քանի որ մեր պատմութեան ժամանակին կը մօտենանք, կը տեսնենք, որ կայսերական գահույից վրայ բարձրացեալ մարդիկ աւելի կը պղտիկնան, եւ մեծ կարծուածները խառնուրդ մը ունին առաքինութեանց եւ մոլութեանց. ի բաց թողեալ Մօրիկ հռոմայեցի կամ Հայկազն (որու ծագումն նշանակութիւն պէտք չէ ունենա հայու համար), որ աւելի ազնիւ սիրտ ցցուց մեռնելու վայրկենին քան թէ գահույից վրայ. կը տեսնենք եւ Հերակլ` դիւցազն թագաւորութեան սկիզբը եւ վատթար վերջերը: Այն մարդը իր մեծամեծ յաղթութեամբ պարսից դէմ, այն տկարութեան հասցուց բերաւ այդ երկու թագաւորութիւնքը, որ արաբաց հարուածներուն չկրցան դիմանալ եւ ընկճեցան կամ տապալեցան:

      Ի՜նչ Յարկ խօսելու Յոյն կայսրութեան ժողովբդոց վրայ, որոնց մայրաքաղաքի ապականութիւնը սովորութեանց եւ բարուց, զեխութեանց եւ թշուառութեանց, վատութեանց եւ անզգամութեանց անցան զանցան Հռոմայ քաղաքացուոց վերջին օրերը, մանաւանդ որ սոքա աւելցուցին ամէն մոլութեանց վրայ կրօնամոլութիւն մը` ուր կայսրեն սկսեալ յետին ձկնորսը ինքզինք աստուածաբան կը կարծէր, կրկէսները կրօնական վիճաբանութեամբ կը սկսէին եւ արիւնահեղ կռիւներով կը վերջանային, եւ անիմանալի հաւատս խորհուրդները թեթեւամիտ եւ կիսուսումն մարդկանց խորհրդածութեանց նիւթ էին: Այդ մեծատարած կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ Սուրբ աստուած երգելու խնդիր մը աւելի կարեւորութիւն ունէր քան թէ բոլոր Ափրիկէի կորուստը. թշնամին` հոն, պարսից, աւար, պուլկար, արաբ, աշխարհքի ծայրերէն կը հագնէր, հուր, սուր, կոտորած եւ աւերմունք կը բերէր շուրջանակի, Կոստանդնուպոլսոյ պարիսպները կը ծեծեր եւ ներսը քաղաքացին կրօնական վիճաբանութիւնքը նախամեծար կը համարէր, եւ երկրորդական առ դուրս հասեալ վտանգը: Եթէ յաղթուէր անհոգութեան եւ վատութեան չէր յանցանքը` այլ աստուածային բարկութեան պատուհասն էր. եթէ Յաղթէր, Աստուածամօր շնորհքն էր: Այս կրօնական զբաղմունք ամէն օր նոր հերետիկոսութիւնք կը ծնանէին եւ նոր վէճեր:

      Նոյն ոգին` ուրիշ ձեւով կը վարէր Պարսից պետութիւնը. յաղթող արքայից արքան` արեւուն եւ կրակին կ'ուտար յաղթութեան փառքը. Հպատակ այլակրօն ժողովուրդք խիստ հալածանաց կ'ենթարկուէին ժամանակ-ժամանակ. եւ ի բաց առեալ քանի մը մեծ մարդիկ, վատթար եւ բռնաւոր կառավարութիւն մը կը տիրէր ամէնուրեք, արդարութեան գաղափարը սահմանափակ էր նաեւ այդ Մեծ Խոսրովի մտքին մէջ, որ Նուշիրվան կ'անուանուէր

Скачать книгу