Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց

Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց страница 18

Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց

Скачать книгу

պէտք ունին պզտի շահեր եւ անոնց բանսարկութիւնքը ճնշելու համար: Խիստ կառավարութեան ամենեն անպիտանը նախադասելի է անիշխանութեան: Հայ նախարարութիւնն անիշխանութիւն էր արմատացեալ: Եւ որովհետեւ չի կրցաւ կանոնաւոր եալ ազնուապետութիւն մը նաեւ կազմել` ինք ինկաւ գահավէժ եւ ազզն էլ իր հետ տարաւ: Այդ ազնուապետութիւնը` եթէ կարէնար կազմել նախարարութիւնը, ազգին նան երջանկութեան ճամփայ թերեւս բանար. բայց ոեւիցէ՛ բան կազմելու համար` արդարութեան եւ կանոնի մը հնազանդել յանձն առնելու է, այս կամքը հազիւ քանի մը նախարարաց քով կ'երեւի պատմութեան մէջ, վասնզի անիշխանութիւնը կը ներէ միայն սանձարձակ զեղծմունք` ուսկից կամօք եւ մասամբ իսկ զրկուիլը շատ մեծ առաքինութիւն է:

      Հայք ընդհանրապէս միաբան եղած են միայն այն վայրկենին, երբ իրենց կրօնքին բռնաբարութիւն հասնէր ոեւէ իշխանութենէ եւ զօրութենէ. ամէն բանի անտարբեր հայը միշտ պատրաստ կը տեսնենք բռնութիւնը բռնութեամբ վանելու, եւ եթէ անկարելի լինի` ամէն հալածանաց տանելու անխախտ կենալով հայրենի դաւանութեանց վրայ: Ամէնուն յայտնի է եւ վերն էլ յիշեցինք թէ ինչպէս հայ քրիստոնէութիւնը անընկճելի մնաց Սասանեանց կռապաշտութեան դէմ. նոյնը կը տեսնենք նաեւ Բիւզանդիայ կայսերաց բռնութեանց եւ ամէն տեսակ պատճառաբանութեանց դէմ. կրօնասիրութիւն էր այս ընդհանուր նկատմամբ. բայց անիշխանութիւնը անմիաբանութիւն կարծողաց կը զրուցենք թէ աւելի հետեւանք էր նա եկեղեցական իշխանութեան կանոնաւորեալ կազմութեան, որ հզօր մարմին էր ձեւացեալ վերուստ ի վայր եւ զօրաւոր կապով շղթայալ: Տգէտ կամ գիտուն այդ եկեղեցական կազմութիւնը բիւզանդական բոլոր աստուածաբանական ուսմանց – նրբութեանց եւ իմաստականութեանց հետ կրցաւ մաքառիլ ու մրցիլ: Մերժեց նորա իրաւացի եւ անիրաւի ուղղափառ կամ չարափառ պահանջմունքները եւ մնաց անթափանցելի ամէն վիճաբանութեանց եւ ամէն հալածանաց դէմ եւ անխախտ պահեց ինչ որ անգամ մը Լուսաւորչէ առած էր:

      Կաթողիկոս մը կը հնազանդէր կամ կը խոնարհէր Հերակլ կամ Կոստանդին կայսերաց, բայց եկեղեցական մարմինը եւ ժողովուրդը անշարժ կը մնար հայրենի կրօնական դաւանալթեանց իմանալով կամ չիմանալով: Եւ այդ կաթողիկոսը կամ իւր յաջորդը վերջը-վերջը պէտք էր ընդհանուրին հետեւեր, եթէ չուզէր բաժանակից սատանայի համարուիր

      Եթէ թագաւորութիւն կամ նախարարութիւն կարէնային զօրաւոր կառավարութեան մը ձեւ առնուլ եկեղեցական իշխանութեան պէս, այն ժամանակ անիշխանութեան վտանգեն ազատ կը լինէր Հայաստան եւ կրնար ակնածելի լինիլ իր զօրաւոր դրացեաց: Բայց դժբախտաբար երբեք նախարարութիւնը այդ չէր խորհած, եւ որ շատ կարեւոր ու գործադրելի էր այս միջոց ժամանակիս մէջ, արուն պատմութիւնը կը գրենք:

      Եւ Թէոդորոս Ռշտունի կը մտածէր, այդ մարդը որ «մորմոքեալ ընդ կորուստ աշխարհին», Յունաց յիմար Սպարապետին ամբարտաւան անհոգութիւնը չէր կրցեր շարժէլ եւ իր յորդորներով ոչ օգուտ այլ նախատինք քաղէր էր: Հիմա որ ականատես էր` ինչ որ արդէն գուշակէր էր, աւերմունք հրայրեացք` կոծ ու լաց կը տեսնէր եւ կը լսէր, եւ ինչ դարման որ կարելի էր, կ'ընէր, եւ այնպէս կը շարունակէր իր ճամփան անցնելով Գողթան, Նախջեւան, Կոգովիտ, ուր դառն հայեցուածք մը ձզեց Վարդանաբերդի վրայ. կ'երթար Տայոց գաւառը թիկնապահաց վքոքրիկ խումբով մը եւ կ'իջնէր ի Թաւուսկերտ աւան, ուր հին

Скачать книгу