Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց

Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց страница 15

Թէոդորոս Ռշտունի - Ծերենց

Скачать книгу

թողունք Զաւէն Կարնոյ ճամփուն վրայ, եւ երթանք փնտրել Գրիգոր ու Սուրէն, որոց դիակունք չի գտնելով նա` յոյս ըրած էր թէ օր մը երբ իշխանիկը դառնար, Արփենին գոնէ իրեն պիտի ներկայացնէր, միայնակ եւ սիրասուն նշխար Մամիկոնեան հայրենի ճոխութեան եւ հրեշտականման մօր եւ քրոջ:

      Վիրաւորը մեզ պատմեց թէ ինչպէ՞ս Սուրէնի եւ Գրիգորի ձիաւոր խումբը Վարդանաբերդի հրդեհը տեսնելով դիմէր էին հոն նահանջի ճանապարհ միշտ իրենց յուսալով, եւ թէ ինչպէս թշնամուոյն բազմաթիւ հեծելոց խումբր վրայ հասնելով` շրջապատեալ յամենուստ սկսած էին պատերազմիդ Սուրէն քանի մը հողի կ'որսնցնելեն վերջ իր խումբեն` տեսնելով անխուսափելի վտանգը փոքրիկ բլուրի մը վրայ քաշուեցաւ իրեններով, այդ բլուրը Վարդանաբերդի գերեզմանատունն էր, քիչ հեռաւորութեամբ:

      Այդ զերեզմանոցին մէջ` մահարձանները պատնէշ առած` յուսահատ կռուով իրենց կեանքը թանկ ծա խել որոշեցին հայ փոքրիկ խումբը. Սուրէնի հզօր ձայնը` «Տղա՛ք, մեռնի՜նք, բայց մեռցնենք եւ այնպէս մեռէինք քաջութեամբ», կ'որոտար ամէնուն ականջին. այդ քառասուն-յիսուն հոգին շրջապատ եալ հազարներէ, այնպիսի դիմադրութիւն ըրին եւ այնպիսի կատաղութեամբ կռուեցտն երկու ժամ, իրենց աղեղներէն ելած նետերը, իրենց պարսատիկներէն ելած քարերը այնպէս կը հարուածէին հեռուեն, եւ յարձակումներու դէմ իրենց վաղակաւորներն ու մուրճերը այնպիսի հարուածներ տուին թշնամուոյն մօտեն, որ Շէյխ Ալի այդ քաջութեան վրայ հիացած ղադրեցուց յարձակմունքը եւ պատգամաւոր մը յուղարկեց յայտնելով թէ` «Ինք պատրաստ էր իրենց կեանքը շնորհել եթէ անձնատուր լինին»: Եւ կէս ժամ միջոց կ'ուտար մտածելու: Սուրէն դաշնադրութեան մտնելու յանձնառու եղաւ. բայց արաբը պայման մը միայն ունէր. «կեանք միայն շնորհել». երբ Սուրէն զիջանիլ յանձն առաւ, իրեն դէմ անկարծելի դժուարութիւն մը ելաւ: Գրիգոր որ առիւծի պէս եւ իւր հասակեն վեր պատերազմէր էր, «մեռնի՜նք» բառեն զատ բերնեն ուրիշ խօսք չէր հանէր, այդ հայրենի պալատան բոցն ու ծուխը զինք համոզած էին թէ իր մայրը եւ քոյրերը մեռած էին, ուստի «մեռնի՛նք, մեռնի՛նք» կը կրկներ: Սուրէնի բոլոր ազդեցութիւնը անօգուտ պիտի լինէր` եթէ ամէն պատերազմողք վերջապէս յանձն չառնուեն գերութիւնը կենաց հետ փոխանակել: Ուստի պատանին երբ մինակ մնաց եւ ամէնքը զէնքերը թողին, ինք այն րոպէին ինկաւ գերեզմանի մը վրայ, եւ արտասուաց հեղեղ մը սկսաւ իջեցնել. բոլոր Սուրէնի յորդորներուն եւ ապագային համար տուած յոյսերուն պատասխան անգամ չի տուաւ: Մամիկոնեանց սերունդը է՛լ անզգայ եղաւ շղթայներու, ինչպէս անզգայ էր իւր քեռուոյն ձայնին, որ քաղցրութեամբ «Որդեակ Գրիգոր, այս օրերս էլ կանցնին, դժբախտութիւնը ինչչափ որ սոսկալի լինի մշտնջենաւոր չի կրնար լինիլ», – կ'ըսէր:

      Բայց պէտք էր կ'ամա-ակամայ անողոք բախտին հնազանդիլ, մանաւանդ որ կը տեսնէր Սուրէն, այդ մարդը, որուն վրայ երբեք կեանքին մէջ շողոքորթութիւն, փոքրկութիւն, վատութիւն չէր նշմարած, լռութեամբ եւ անմռունչ կը տանէր նախատանաց, հայհոյութեանց եւ հարուածոց: Այդ աննկուն Կամսարականը, որ անտարբեր էր իր անձին համար յամենայնի, միայն այն խնդրէր էր Շէյխեն, որ զինք այդ պատանուոյն չի բաժնէ, եւ արաբը խոստացաւ եւ խոստմունքին վրայ կեցաւ: Բոլոր այդ դաժանելի ուղեւորութեան մէջ, ծանրաբեռն եալ շղթայուք, շատ անգամ հետի, դատապարտեալ եղանակաց խստութեան, անօթութեան եւ ծարաւի, ինքզինք զրկելով հացին պատառեն,

Скачать книгу