Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր. Ռուբեն Սեւակ
Чтение книги онлайн.
Читать онлайн книгу Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր - Ռուբեն Սեւակ страница 5
– Աստուծո՜ւ բարին, ինչպէ՞ս էք , – ըսաւ այնպիսի անտարբեր ձեւով մը, որ կարծես օրը տասն անգամ կը տեսնէր զիս։
Հետս ճաշի նստաւ. հին բարեկամներու պէս, ասդիէն֊անդիէն խօսեցանք։ Ճիշդ է որ իր ուռեցած ականջները իրեն դէմքին ապուշ թանձրութիւն մը կու տային, բայց խենթ մը չէր այդ մարդը, հազա՛ր անգամ ո՛չ։ Գաղտնիքին բանալին գտնել կարծեցի՝ իր հետ կիներու մասին խօսելով, երեսը թթուեցուց. խաղարաններուն ակնարկութիւն ըրի, ուսերը թօթուեց։ Արդէն շուարած, աւելի շփոթեցայ։ Հապա եթէ սխալ մարդու օձիքէն բռնած ըլլայի՜…։
Ամուսնացած մարդ մըն էր. ինծի երկար֊բարակ իր կնոջ վրայ խօսեցաւ՝ որ քիչ մը տկար ըլլալուն, այդ օրը միասին չէ կրցած ելլել. իր մեծ տղուն համար ինձմէ զուիցերիական վարժարանի մը հասցէն ուզեց. պզտիկ տղայ մըն ալ ունէր, շատ պզտիկ, որ այս օրերս ակռայ հանելուն՝ փորը քիչ մը թոյլ էր…։
Յետո՛յ միայն գիտցայ որ այս մարդը ո՛չ կին, ո՛չ զաւակ ունէր, այլ պարզապէս ստելու փափաք մը. բայց բոլորովին բնական, անշահախնդիր, անվնաս սուտեր. արուեստը՝ արուեստին համար։
– Ծնողքիդ նամանկ մը գրեր ես , – ըսի անհամարձակ։
– Չե՛մ յիշեր , – ըսաւ։
– Դրամներդ խաղարաններու մէջ կերեր ես։
– Սխա՛լ է։
– Հապա ո՞ւր գացին ոսկիներդ։
– Ցորեկները պաղպաղակ մը կ՚ուտէի…։
– Հարստութիւնդ միայն պաղպաղակո՞վ հատցուցիր։
– Առտուներն ալ կաթ մը կը խմէի , – թոթովեց. աչքերը լեցան, մօրուքին մէջ արցունքներ գլտորեցան։ Մեղքցայ իրեն, զղջացի։ Մարդը իր դրամը կերեր էր. ես ի՞նչ կը խառնուէի…։ Բայց ան այսպէս չէր խորհեր, կ՚ուզէր իր լացովը զիս համոզել իր անմեղութեանը վրայ, կ՚ուզէր որ անպատճառ հաւատամ թէ ինք պարկեշտ մարդ մըն էր. ո՛չ կինը, ո՛չ գինին, ո՛չ խաղը չէին հրապուրած զայն (ու այս ճի՛շդ էր)…։ Բայց մարդիկ չար էին, իր գէշութիւնը կ՚ուզէին, փողոցէն անցած ատեն խորհրդաւոր կերպով իրարու աչք կ՚ընէին. (աս ալ ճիշդ էր, բայց իր գլխուն ֆէսին համար էր )։ Շատեր զինքը սնանկացնելու, կախաղան հանելու կը ջանային, աշխարհիս ամէն ծայրերէն անվերջանալի ու անկարելի հաշիւներ կը ղրկէին՝ իր բնա՛ւ չճանչցած մարդերէն…։ Ա՛ս ալ ճիշդ էր, ու ահա թէ ի՞նչպէս…։
Այս խելօքիկ մարդը երբեմն֊երբեմն իր մեծութեան երազներն ունէր. բայց մեծ ըսածս՝ շա՛տ մեծ, խելքի մտքի մէջ չսեղմող մեծութիւն մը։ Քանի որ բոլոր մարդիկ իրմո՛վ կը զբաղէին ու դաւադրութիւններ կը սարքէին իր շուրջը, ուրեմն կրնար ըլլալ որ անգիտակցաբար ինք նշանաւոր անձ մը ըլլար, ո՞վ գիտէ, թերեւս ապագայ թագաւոր մը…։ Այս մարդը իր երազին հաւատալու դժբախտութիւնն ունէր. ու այս տեսակ հիւանդներու բնական տրամաբանութիւնով, կ՚ուզէր իր պզտիկ կեանքը այդ մե՛ծ գաղափարին պատշաճեցնել կանխաւ…։ Իր բանակին համար ֆրանսական գործարանի մը իշու լաւագոյն կաշիէն թմբուկներ կ՚ապսպրէր՝ բայց ա՛յնքան թիւով՝ որքան էշ չկար աշխարհիս երեսը… եթէ այդ անունով միմիայն համեստ չորքոտանիներուն կ՚ակնարկէր։ Գերմանիոյ կայսեր ինքնագիր նամակ մը կը գրէր՝ անոր պզտիկ աղջկան ձեռքը խնդրելու համար։ Բայց այդ մեծ ամուսնութեան արժանավայել պալատ մըն ալ պէտք էր։ Մոնթէ Քարլոյի