Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր. Ռուբեն Սեւակ

Чтение книги онлайн.

Читать онлайн книгу Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր - Ռուբեն Սեւակ страница 11

Жанр:
Серия:
Издательство:
Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր - Ռուբեն Սեւակ

Скачать книгу

մինչեւ բազուկներուն խոռոչին տակ։

      Ճենճերոտ մուխը կը բարձրանար, կը գալարուէր, սենեակը կը լեցնէր. այրուող մսի հոտը թոքերը կը խեղդէր։ Գթութեան փոքրիկ քոյրերը մէկիկ ֊մէկիկ անհետացան՝ արցունքը աչքերնուն մէջ. յետոյ Մեծ ֊քոյրն ալ գնաց՝ թաշկինակը քիթին…։

      Հիմա մինակ էինք, ես ու կենդանի դիակը։ Եթէ նոյնիսկ գիտութիւնը հրաշք մը ընէր, ինչպէ՜ս պիտի ապրէր, ինչպէ՜ս պիտի շարժէր ան. երկար հոգեվարք մը չպի՞տի ըլլար իր կեանքը։ Ա՜խ, ի՜նչ կ ՚ըլլար որ կարմիր երկաթը սխալմամբ մօտենար, այրէր, ճեղքէր այն խոշոր երակը, որ ահա՛ բազուկին տակ կը տեսնուէր, մե՜րկ, անվթա՜ր, կեանքի՜ տրոփիւններով…։ Ո՛չ, ո՛չ, կեանքը նուիրական է…։

      Ցորեկէն վերջ իր սրահը գացի։ Անկողնին քով մարդ մը նստեր էր, ի՛ր հայրը։ Գլուխը կախեր էր՝ անբան ու երերուն՝ սարսափած կենդանիի մը պէս։ Դողդոջ ձեռքերով աղջկան դէմքը բացաւ, իր ճմռթկած երեսները անոր այտերուն քսեց, համբուրեց, լացաւ…։

      Այն ատե՛ն միայն տեսայ այդ տասնեօթ տարու դէմքը, այդ կապուտակ աչքերը, այդ արեւոտ մազերը։ Բայց այս իմ ճանչցած լուսնոտ աղջիկն էր, որ իր ախտին մէկ նոպային՝ կրակին վրայ ինկեր ու այրեր էր։

      Երեսին ճերմակ քողը դարձեա՛լ ինկաւ ծերունիին ձեռքերէն…։ Ուրեմն գինով Սիմոնը ա՛յս էր, ոճրագործը ա՛յս էր, օղիով յագեցած այս գարշահոտ մարմինը՝ որ լուսնոտներու, այսահարներու, պակասաւորներու, նզովուածներու սերունդ մը կը հասցնէր…։

      Ա՜խ, գիտե՛մ թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը թաթխէ իր շուրթները այդ թոյնին մէջ. գիտեմ թէ դժուար է փշրել «անուշ անմահութեան» մը համար հրամցուած բաժակ մը. գիտեմ թէ ամէն գինովի զաւակ լուսնոտ չէ. բայց այս մէ՛կը բաւական չէ՞ր բոլոր գինեմոլները նոյն ոճրին մէջ թաթխելու…։

      Ու զոհը այս դժբախտ աղջիկն էր, լուսնո՛տը։ Միշտ կը յիշեմ փոքր հասակիս տեսած ըլլալ տպաւորիչ պատկեր մը՝ ուր լուսնոտ կոյս մը, լուսնակ լոյսին, ձեռներն երկինք երկարած, ինքն իր վրայ կը դառնար, երկրէն երկինք նետուիլ ուզող բանաստեղծական հսկայ ծաղիկի մը պէս…։

      Ո՛չ. լուսնոտը այս էր, ա՛յս մորթազերծ ու ճենճերուտ մարմինը՝ որուն վրայէն ուրեմն, վերէն ի վար խոշոր դող մը կ՚անցնէր, ամբողջ անկողինը սարսռացնելով. այն ատեն սրահին միւս հիւանդները իրենց վերմակին տակ կը կծկտէին, ցաւերնին մոռցա՜ծ։ Ու երբեմն ալ, երբ այդ մեռած միսերուն մէջ դեռ կենդանի ջիղերը կ ՚արթննային՝ մէ՛կ ճիչ մը կը թռչէր իր բերնէն, բայց ահագի՛ն ու անկարելի՛ ճիչ մը՝ որ բոլոր սրտերը դանակի պէս կը ճեղքէր, պատերուն մէջ կը թափանցէր, գետնափոր յարկին սիւները կը դողացնէր, ամբողջ հիւանդանոցը վայրկեան մը իր սարսափովը կը լեցնէր՝ յետոյ յանկա՛րծ մահուան լռութեան մէջ թաղելու համար այդ հսկայական շէնքը։

      – Աստուած ընդունի իր հոգին, կու լար Մեծ ֊քոյրը ծնկաչոք. մահէն աւելի գէշը կայ…։

      Գիշերը դեռ երկար ատեն կը շարունակուէին այդ սարսափելի ճիչերը ընդհատ ֊ընդհատ։ Ննջասենեակիս մէջ պառկած՝ չէի կրնար աչերս գոցել։ Այդ բողոքի աղաղակները կոկորդս կը խրուէին, շունչս կը խեղդէին։ Աստուա՜ծ իմ, արշալոյսը ե՞րբ պիտի լուսնար…։

      Սեւ֊սեւ մտքեր ուղեղս կը պաշարէին։ Այս որքա՜ն անարդարութիւն. մէկ կողմէն կը հաւաքեն ամէնէն առողջ երիտասարդները՝ պատերազմի մէջ հարիւր հազարներով մեռցնելու համար, միւս կողմէն՝ կը ստիպեն որ բժշկութիւնը գերմարդկային

Скачать книгу