Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր. Ռուբեն Սեւակ
Чтение книги онлайн.
Читать онлайн книгу Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր - Ռուբեն Սեւակ страница 10
Տէ՜ր ողորմեա, Տէ՜ր ողորմեա…
Ու ես գիտեմ որ այս գիշեր նորէն, երբ խաւարը լեցնէ այդ ահաւոր սենեակը, ու երբ երեք որբուկները իրենց անմեղի քունը քնանան մշի՜կ֊մշի՜կ, չորրորդ դագաղին մէջ մէկը, իր խղճին վրայ պիտի հսկէ արթուն,– խուլերուն հայրը։
Լօզան, 1913
Գինովին աղջիկը
ԳԻՆՈՎԻՆ ԱՂՋԻԿԸ
Այդ օրը մոգական ընթերցումներով գլուխս լեցուցի, ու մագնիսական խառնակ մտածումներով փողոց նետուեցայ։
Գլխուս վերեւ գարնանային արեւ մը կար, այն առաջի՛ն արեւներէն՝ որ տաքցնելէ աւելի կը շոյեն, թուլցնելէ աւելի կը գինովցնեն։
Արե՛ւ մըն ալ ահա դիմացս. գարնանային աղջիկ մը, անոնցմէ՝ որոնք չեն այրեր՝ այլ հոգին կը գաղջեցնեն, չեն կիզեր՝ այլ կեանք կու տան։
Ուրախութի՜ւն մըն էր դիտելը իր կապուտակ աչերը՝ երկնքի պատառներու պէս։ Արեւի՛ գոյն մազերը՝ իր ուսերէն աւելի անցորդին աչերը կը շոյէին։ Անոր նայելով մարդ վայրկեան մը ինքզինք երջանի՜կ կը զգար ապրելէն, որովհետեւ այդ հասակի աղջիկները՝ երկու տարիներուն մէջտեղը՝ գեղեցկութենէն աւելի բան մը ունին իրենց վրայ…։
Կարելի՞ էր երեւակայել աւելի մեծ մոգութիւն, հրաշք մը, քան այն որ ահա դէմս էր, կը մօտենար, աչքս իր աչերուն մէջ…։ Քա՛յլ մըն ալ, ու յանկարծ տժգունեցաւ, ճիչ մը արձակեց եւ ուժգնօրէն ինկաւ՝ երկինքէն ինկող քարի մը նման։
Վազեցի, չէ՛ր շնչեր. ձեռքերը սեղմեցի, չէ՛ր զգար։ Երեսը գետնին՝ փայտի մը պէս ինկեր ու արդէն քարացեր էր մեռած թռչունի նման։ Թեւերն ու ոտները երկաթի պէս կարծր էին, շի՛փ֊շիտակ, մահուան շիտակութիւնովը…։
Բայց ասիկա վայրկեան մը տեւեց։ Կռնակին վրայ դարձուցի զայն, մարմինը սեղմող կոճակները խլեցի, կապերը թուլցուցի։
Այն ատեն տժգոյն երեսը կարմրեցաւ, կապուտցաւ. ահագին ճիգով դէմքին մկանները կծկտեցան։ Լեզուն՝ ակռաներուն մէջ ո՛ւժգնօրէն խածուած՝ կը գալարէր արիւնոտ։ Գլուխը մուրճի մը պէս կը ծեծէր սալայատակին քարերը։ Ձեռները, ոտները, ամբողջ մարմինը յանկարծ ֊յանկարծ կը դողային՝ վիզը կտրուած անասունի մը պէս։ Աչերը՝ գնդակներու պէս դուրս ցայտած՝ իրենց ճերմակութիւնը ցոյց կու տային ամբոխին, որ եկեր էր ամէն կողմէ, վրայէ վրայ խռնուած, հետաքրքրութիւնով ու երկիւղով լեցուն, կարծես թէ երկինքէն նետուած չար հրեշտակ մը ջախջախուէր այդ ցեխերուն մէջ…։
Յետոյ, գլուխներու մէջէն գլուխ մըն ալ երեւցաւ։
– Ես իր տունը գիտեմ, – ըսաւ, – գինով Սիմոնին աղջիկն է։
Ու ոտներէն, բազուկներէն բռնեցին տարին։
Ու ես կը խորհէի՜։ Ահաւասիկ դեռատի աղջիկ մը, գեղեցիկներու մէջ գեղեցիկ, կոյսերու մէջ կոյս, որուն մէկ ժպիտը բաւական էր դառնացած կեա՛նք մը ուրախացնելու։ Եւ սակայն,– ինչպէ՜ս ճիշդ կ ՚ըսէր պառաւ մը – ա՜լ թող սպասէ որ մէկը խնդրէ իր փափուկ ձեռքը…։ Ի՜նչ փոյթ թէ իր բոլոր բջիջները կեանքով ու երջանկութիւնով լեցուն են հիմա. անիկա դժբախտ պիտի ըլլայ, ուզէ՛ թէ չուզէ՜. ճակատագի՜ր…։
Բայց բնութիւնը իր մէ՜կ ըրածը ծածկելու համար՝ նմանօրինակ ու տարօրինակ ա՛յնքան ուրիշ ցաւեր ալ ստեղծեր է, որ ժամանակ չունիս մէկուն վրայ խորհելու, եթէ ոչ այդ մէ՛կը կրակոտ գամի մը պէս կը մխուէր ուղեղիդ մէջ…։ Սուրացող շոգեկառքի մը մէջն ես, հազի՜ւ ժամանակ ունիս պատուհանէդ բան մը տեսնելու, այդ